Ճորճ Աղճայեանին հետ մեր գործակցութիւնը սկսած է Յուշամատեանի հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն։ Ան մեր էջերուն մէջ յօդուածներ հրատարակած է, հազուագիւտ գիրքեր եւ լուսանկարներ մեզի տրամադրած է, միասին արհեստանոցներ workshop կազմակերպած ենք, եւ շարքը երկար է։
Վերջերս ան մեզի ղրկեց թուայնացուած հազուագիւտ քարտէս մը, որ գծուած է Մարտիրոս Խերանեանին կողմէ, 1922-ին եւ տարիներ շարունակ պահուած է Պոսթոնի «Հայրենիք»ի շէնքին մէջ։
Քարտէսը հայերէն է եւ կը ներկայացնէ Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու
նախագահ Ուուտրոու Ուիլսոնի սահմանագծումով։ Հոն կ՚երեւին նաեւ Պոնտոսի, Փոքր Հայքի, Կիլիկիոյ շրջանները, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանն ու Կովկասը։ Պատմական Հայաստանի տարածքը ներկայացուած է ամենայն մանրամասնութեամբ, մեծ ու փոքր քաղաքներուն կողքին նշուած են նաեւ գիւղերուն անունները։ Մէկ խօսքով, պատմական իւրայատուկ արժէք ներկայացնող գործ մըն է։
Ճորճը գրած է նաեւ կարճ յօդուած մը, ուր կը ներկայացնէ քարտէսին պատմականը եւ անոր թուայնացումին ամբողջ գործընթացը։
Այս առիթով մեր կայքէջին մէջ
աւելցուցած ենք նոր գործիք մը, որուն միջոցաւ կրնաք քարտէսը քանի մը անգամ մեծցնել եւ ձեր շարժագիծով այնտեղ տեղաշարժիլ, ինչպէս կ՚ընէք օրինակ Google Maps-ի մէջ։ Պարզապէս պէտք է գործածել քարտէսին վերի ձախ անկիւնը տեղադրուած նշանները։
Ահաւասիկ էջին
կապը՝
https://www.houshamadyan.org/arm/themes/maps/kheranianmap.htmlՅօդուածը հայերէնի եւ թրքերէնի թարգմանեցին յաջորդաբար Շաղիկ Շահինեան-Արծրունի եւ Արլէթ Ինճիտիւզէն։
Լաւագոյն մաղթանքներ՝
Յուշամատեանի խմբագրական կազմ